Այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրեց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ՛ընէին: Ահա Տէրոջը հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ ու Տէրոջը փառքը անոնց բոլորտիքը ծագեցաւ ու խիստ շատ վախցան.@Ղուկաս 2:8-9
դիմանկարը
Ճոզէֆ Մոհր
(1792–1848)

Ճոզէֆ Մոհր, 1817.

Ֆրանզ Կրուպըր, 1820 (🔊 pdf nwc).

դիմանկարը
Ֆրանզ Կրուպըր
(1787–1863)

Լուռ գիշեր սուրբ գիշեր
Ծով ու ցամաք քնով են խաղաղ
Մեղմ կը փայլի աստղը Բեթլեհեմէ
Եւ հեռուէն շատ աչքեր կը գրաւէ
Հոն՝ ուր Փրկիչը ծնաւ
Հոն՝ ուր Փրկիչը ծնաւ:

Լուո գիշեր սուրբ գիշեր
Երգ մը ահա հովտին վրայ
Հրեշտակներուն անթիւ խումբը կ’երգէ
Երգ՝ որ ցնծման աւետիս կը բերէ
Տէրը, Փրկիչը, եկաւ
Տէրը, Փրկիչը, եկաւ:

Լուռ գիշեր սուրբ գիշեր
Ով դու երկիր ալ առթնցիր
Քու օրհնութիւնըդ արդ վեր թող ելլէ
Փառք Աստուծոյ ի բարձունս երգէ
Խաղաղութիւն աշխարհի
Խաղաղութիւն աշխարհի: